By Asbarez | Saturday, 26 March 2016
Հայ-յունական մշակութային գործակցութեան ծիրէն ներս 14 Մարտին Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ <<Հայաստան. Արարատի ոգին>> խորագիրով ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած առարկաները վաղ հողագործութեան, մետաղագործութեան, խեցեղէնի, արհեստներու ու արուեստի վերաբերող եզակի կտորներ են՝ պեղուած բացառապէս Հայաստանի ներկայ տարածքէն, ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան բարձրարժէք գեղարուեստական նմուշներ, երկրպագութեան եւ ծէսի եզակի իրեր, ինչպէս նաեւ ձեռագիրներ եւ կիրառական արուեստի առարկաներ՝ Հայաստանի տարբեր պատմական-ազգագրական շրջաններէն:
Ցուցահանդէսը բաղկացած է երեք բաժիններէ: Առաջին բաժինին մէջ ներկայացուած է հայկական քաղաքակրթութիւնը կանուխ պրոնզէ դարէն մինչեւ 20րդ դար. երկրորդին մէջ՝ ծանօթութիւն հայկական մշակոյթի դերակատարութեան ու դիրքաւորման, փոփոխուող աշխարհի մէջ: Երրորդ բաժինը, որուն խորագիրն է <<Կոչեմ ապրողաց>>, նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ կը խօսի տարագիր գերդաստաններու ու մշակութային եղեռնի մասին:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 Մայիս:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ