Թուրքիա կը փորձէ տապալել Սուրիոյ մէջ զինադուլի դրութիւնը. Մաթվիենքօ

By Asbarez | Tuesday, 29 March 2016

 

0329Matvienko

ՄՈՍԿՈՒԱ - Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիա կը փորձէ տապալել Սուրիոյ մէջ գործող զինադադարի դրութիւնը եւ սրել իրավիճակը: <<Թուրքիա, որ արդէն սկիզբէն իսկ Սուրիոյ մէջ իր աշխարհաքաղաքական շահերը կը հետապնդէր, կը շարունակէ կրակ բանալ քիւրտ բնակչութեան ուղղութեամբ՝ հակառակ ձեռք բերուած համաձայնագիրին ու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն>>, ըսած է պաշտօնատարը: Մաթվիենքօ նաեւ Անգարայի այս կեցուածքը բացատրած է այն իրողութեամբ, որ թուրքերը դժգոհ են ապօրինի քարիւղի վաճառքի ծաւալներուն նուազումէն: <<Մենք կարեւոր կը նկատենք, որ խստօրէն պահպանուի զինադուլը, որպէսզի բանակցութիւնները յաջողին>>, ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ Ռուսիոյ ջանքերուն շնորհիւ՝ մեծապէս նուազած են <<Իսլամական պետութեան>> եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու նիւթական միջոցներն ու զէնքի մատակարարումները:


comments