By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնփրէս>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դատական հայցով զբաղող յայտնի փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Պոլսոյ <<Ժամանակ>> օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հարցը ուսումնասիրութեան համար յանձնած է արդարադատութեան նախարարութիւն:
Սոֆուօղլու ըսած է, որ Սահմանադրական դատարանը այս հարցին կապակցութեամբ կը սպասէ արդարադատութեան նախարարութեան տեսակէտին։ Քանի որ Սահմանադրական դատարանին մէջ բացուած իւրաքանչիւր դատ կը նկատուի պետութեան դէմ բացուած դատ, հետեւաբար, պետութեան տեսակէտին վերահասու դառնալու նպատակով, բարձրագոյն դատարանը հարցը կը փոխանցէ արդարադատութեան նախարարութիւն: Փաստաբանին նախատեսութիւններով՝ հինգ ամսուան ընթացքին դատը կրնայ հասնիլ աւարտին: Արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութիւնը ունենալէն ետք, Սահմանադրական բարձրագոյն դատարանը զայն պիտի փոխանցէ Ճեմ Սոֆուօղլուին: Վերջինս երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է ներկայացնէ իր մօտեցումն ու տայ իր վճիռը:
Սոֆուօղլուի կարծիքով՝ վճիռը կրնայ արձակուիլ կա՛մ այս ամառ՝ արդարադատութեան համակարգի տարեկան արձակուրդէն անմիջապէս առաջ, կա՛մ այդ արձակուրդին յաջորդող շրջանին՝ Սեպտեմբերին: Ան յայտնած է, թէ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նիւթը արդարադատութեան նախարարութիւն ուղարկելը շատ կարեւոր է, որովհետեւ՝ <<ատիկա կը նշանակէ, թէ պետութիւնը լուրջ վերաբերմունք ցոյց կու տայ գործին եւ մանրամասն քննարկումներ կը կատարէ>>:
<<Պէտք է ընդունիլ, որ շատ դժուար է այսպիսի դատ շահիլը: Շա՜տ աշխատած ենք: Բայց եւ այնպէս, իբրեւ փաստաբան՝ ես այս դատը բացած եմ շահելու համար>>, ըսած է Սոֆուօղլու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ