Նախագահ Սարգսեանի հանդիպումները Մեսեչուսեցի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016

ՊՈՍԹԸՆ, <<Հայրենիք>> - Երկուշաբթի, Մարտ 28ին սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Մարտ 28ի յետմիջօրէին, նախագահի պատուիրակութիւնը ժամանեց Պոսթընի միջազգային օդակայան, ուր կատարուեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն: Նախագահը դիմաւորողներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդներ Օշական արք. Չօլոյեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմ) եւ Խաժակ արք. Պարսամեան (Էջմիածնական թեմ), ինչպէս նաեւ՝ հրապարակագիր Յարութ Սասունեան:

Հանրապետութեան նախագահը Մեսեչուսեցի մէջ այցելեց հայաշատ Ուոթըրթաուն քաղաքը, ուր հայերը անցեալ երկու դարերուն հիմնած են ազգային կարեւոր կառոյցներ: Սերժ Սարգսեան նախ հիւրընկալուեցաւ Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանին մէջ, որ հիմնուած է 1971ին ու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կարեւոր կառոյցներէն է։ Հոն կը պահուին պատմական դրամներու, հախճապակեայ իրերու, խեցեգործական իրերու, գորգերու, կրօնական պարագաներու, դրոշմանիշներու, կերպասեղէնի, մետաղեայ իրերու, քարտէսներու, տպագիր նիւթերու եւ միջնադարեան մանրանկարչութեան հարուստ հաւաքածոներ: ՀՀ նախագահը շրջեցաւ գրադարան-թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ ցուցադրանիւթին, մշակութային այս հաստատութեան գործունէութեան վերաբերեալ զրուցեց պատասխանատուներուն հետ եւ թանգարանի հաւաքածոն համալրեց Ժանսեմի ստեղծագործութիւններէն մէկ հատով՝ զայն նուիրելով հաստատութեան:

Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան <<Պայքար>> եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան <<Հայրենիք>> կեդրոնները, ծանօթացաւ յիշեալ կենդրոններուն մէջ հայկական աւանդական երկու կուսակցութիւններուն ծաւալած գործունէութեան ու պայմաններուն:

<<Հայրենիք>>ը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի ամենահին հայկական կեդրոնն է, ուր տեղակայուած է ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի գրասենեակը, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնատեղին, ինչպէս նաեւ՝ <<Հայրենիք>> ձայնասփիւռի կայանը, <> եւ <<Հայրենիք>> թերթերու խմբագրատուները: Հոն կը գտնուի նաեւ կուսակցութեան արխիւը, ուր կը պահուին 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ անոր յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին ՀՅԴ գործունէութեան վերաբերող նիւթերը: Արխիւի պատասխանատու դոկտ. Ասպետ Քոչիկեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց նախագահին: Կեդրոնին մէջ, նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ողջունեց ու հաւասարապէս կարեւոր համարեց աւանդական կուսակցութիւններուն ազգանուէր գործունէութիւնը՝ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:

Նախագահը <<Հայրենիք>>ի մէջ դիմաւորուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ, գլխաւորութեամբ ԿԿի ներկայացուցիչ Հայկ Օշականի: Ներկայ էին նաեւ քոյր միութիւններ, որոնց կարգին՝ ՀՕՄը, Համազգայինն ու ՀՄԸՄը:

Ապա, նախագահը ուղղուեցաւ 117ամեայ <<Հայրենիք>>ի խմբագրատուն, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ անձնակազմին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Այս առթիւ, Հայկ Օշական նախագահ Սարգսեանին փոխանցեց յուշանուէր մը՝ 1919ի պատմական լուսանկար մը, որուն մէջ ցոյց կը տրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն պատուիրակութեան մը Պոսթըն այցելութիւնը: Նաեւ, այս հանդիպման ընթացքին Հայկ Օշական <<Սարդարապատ>> մետալով մեծարեց տարիներ շարունակ գաղութէն ներս ծառայած Զոհրապ Թազեանը: Տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց կարգին՝ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու Արցախի հիմնահարցը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան առաջին օրուան ընթացքին գտնուեցաւ նաեւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիներէն ներս: Ի դէպ, 1991ին, Ուոթըրթաունի հայկական համայնքին առաջարկով, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ փողոցը վերանուանուած էր <<Արցախ>>, իսկ 2012ի Օգոստոս 6ին, Մեսեչուսեց նահանգի խորհրդարանը վաւերացուցած էր բանաձեւ մը՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին, որ աջակցին Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի այցելութեամբ աւարտեցաւ ՀՀ նախագահի աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը: Սերժ Սարգսեան եկեղեցւոյ պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ կատարած իր գրառման մէջ ընդգծած է հայոց եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայապահպանման գործին մէջ՝ չափազանց կարեւոր համարելով պատմական այդ առաքելութիւնը:

Նախատեսուած է նաեւ նախագահին հանդիպումը <<Լոյս>> հիմնադրամի կրթաթոշակառուներուն եւ շրջանաւարտներուն հետ:

Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան <<Ֆլեթչըր>> դպրոց, ուր հանդիպում պիտի ունենայ համալսարանի ղեկավարութեան, դասախօսական կազմին եւ <<Դաւիթեան>> հիմնադրամի կրթական ծրագիրի մասնակից Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ: <<Հարվըրտ>> համալսարանի Քենետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ նախագահը դասախօսութիւն պիտի տայ եւ հանդիպում պիտի ունենայ հայ ուսանողներու եւ համալսարանի ղեկավարութեան հետ:

 


comments