Ի՞նչ կը ներկայացնէ Արցախի ճանաչման մասին ԱՄՆ Հաուայ նահանգի ընդունած բանաձեւը. ԼՂՀ ԱԳՆ

By Yerakouyn | Wednesday, 30 March 2016

Մարտ 29-ին ԱՄՆ Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է <<Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը յարգելու ու ճանչնալու>> մասին H.R. 167 բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Բանաձեւի ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը․

Բանաձեւ

Յարգելով եւ ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հայկական տարածաշրջան է հարաւային Կովկասի մէջ, որ ունի երկար եւհարուստ պատմութիւն, եւ իր նուիրական տեղը կը զբաղցնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ, եւ

Հաշուի առնելով, որ 1991 Դեկտեմբեր 10-ին` տասնամեակներու պայքարէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը քուէարկեց յօգուտ անկախութեան, եւ

Հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման տեւական պահանջը ոգեշնչեց տարածաշրջանին մէջ ապրող բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ նախկին խորհրդային միութեան փլուզման խթաններէն մէկը հանդիսացաւ, եւ

Հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդը վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին հաստատակամութիւն եւ տոկունութիւն ցուցաբերեց պատերազմի, կոտորածներու, տնտեսական զրկանքներու եւ հսկայական այլ դժուարութիւններու պայմաններով, եւ

Հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը աւելի քան 20 տարի հաւատարիմ է իր քաղաքացիներուն` պահպանելով իր անկախութիւնը եւ ջանքեր գործադրելով` փոփոխելու եւ կայունացնելու կովկասեան տարածաշրջանը, եւ իրականացնելով ազատ ու անկախ ընտրութիւններ եւ հանրաքուէներ, որոնք համընդհանուր կերպով ճանչցուած են իբրեւ օրինակ տարածաշրջանի համար,եւ

Հաշուի առնելով, որ բազմաթիւ միջազգային դիտորդներ, ներառեալ միացեալ նահանգներէն, գնահատած են 2015-ի Մայիս 3-ի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները իբրեւ ազատ եւ թափանցիկ, հետեւաբար

Հաուայ նահանգի 28-րդ գումարման ներկայացուցիչներու պալատը 2016-ի հերթական նստաշրջանին կ՝որոշէ յարգել եւ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ անոր քաղաքացիները, եւ

Այնուհետեւ կ՝որոշէ, որ այս մարմինը կը ճանչնայ զոհողութիւնները եւ նուիրուածութիւնը եւ վճռականութիւնը, որոնք ցուցաբերուած են ԼՂՀ ժողովուրդին կողմէ ծայրայեղ դժուարութիւններու պայմաններու մէջ, եւ

Այնուհետեւ կ՝որոշէ, որ այս մարմինը կը յղէ ԼՂՀ կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդին խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ շարունակական յաջողութիւններու իր լաւագոյն մաղթանքները, եւ

Այնուհետեւ կ՝որոշէ, որ այս մարմինը կոչ կ՝ուղղէ միջազգային հանրութեան` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ժողովրդավարութիւն, եւ

Այնուհետեւ կ՝որոշէ, որ սոյն բանաձեւի վաւերացուած պատճէները պիտի փոխանցուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անոր` Հաուայի մէջ գտնուող ներկայացուցիչներու միջոցով, եւ լրացուցիչ վաւերացուած պատճէնները պիտի փոխանցուին Միացեալ Նահանգներու նախագահին, ԱՄՆ Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավարին, ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակին, Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի մէջ Հաուայի ներկայացուցիչներուն:

 


comments