By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016
ՏՈՒՊԱՅ - <<Արապիա>> կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> մարտական ղեկավար Օմար Շիշանիի սպանութենէն ետք, անոր հաւանական յաջորդին անունը կը մնայ անյայտ, սակայն ահաբեկչական կազմակերպութեան աղբիւրներէն ստացուած տեղեկութիւնները կը յուշեն, թէ ատրպէյճանցի հրամանատարները սկսած են աւելի մեծ դերակատարութիւն ստանձնելու վերջին քանի մը ամիսներուն։
Կը կարծուի, թէ ատրպէյճանցի երկու հրամանատարներ Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> մէջ մարտական եւ տեղեկահաւաքի առաջնակարգ դիրքեր ստանձնած են: Մարտական հրամանատարը իրաքեան պատերազմի վեթերան մըն է, որ ճանչցուած է Ճունտուլլահ անունով:
Կը նշուի նաեւ, որ ատրպէյճանցի անդամներուն թիւը աճած է յատկապէս իսլամական <<խալիֆայութիւն>>ը վերականգնելու մասին Ապու Պաքր Պաղտատիի 2014ի ճառէն ետք: Անոնք կը մնան աւելի փոքրաթիւ, քան չեչենները կամ թունուզցիները, սակայն ազգամիջեան քաղաքականութեան մէջ աւելի ճկուն ըլլալով՝ կրցած են դաշնակցիլ այլ փոքր խմբաւորումներու հետ, ինչպէս՝ Տաղստանէն եւ Տաճիկիստանէն եկողներու հետ, <<Իսլամական պետութեան>> մէջ աւելի ազդեցիկ խմբակ մը կազմելով:
Վերջերս կազմակերպութեան կեդրոնը հանդիսացող Ռաքքա քաղաքը գտնուած լրագրող Ախթամ Ալուանի կը յայտնէ, թէ ատրպէյճանցի <<էմիր>>ները եւս մարտական շարքերուն մէջ աւելի բարձր դիրքերու հասած են, Ճունտուլլահի ազդեցութեան աճին զուգահեռ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ