Ըստ Ապտալլա Բ. Թագաւորին՝ Թուրքիա ահաբեկիչներ կ՛ուղարկէ Եւրոպա

By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016

0330King-Abdallah

ԼՈՆՏՈՆ - Բրիտանական <<Ինտիփենտըն>>չ թերթը կը գրէ, թէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ամերիկացի պաշտօնատարներուն փոխանցած է, թէ Թուրքիա <<Իսլամական պետութեան>> եւ այլ իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութեանց անդամակցող ահաբեկիչները դիտմամբ Եւրոպա կ՛ուղարկէ:

Թերթը կը նշէ, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը նման յայտարարութիւն կատարած է այս տարուան սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, սակայն անոր այս պնդումը միայն վերջերս հրապարակուած է:

Քոնկրեսականներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին, Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտարարած էր նաեւ, որ Թուրքիա ահաբեկիչներ կը նախապատրաստէ եւ զանոնք Եւրոպա կ՛ուղարկէ: Բացի ատկէ, ան նշած էր, որ Թուրքիան կապ ունի <<Իսլամական պետութեան>> կողմէ քարիւղի մաքսանենգումին հետ: <<Ահաբեկիչներ Եւրոպա ուղարկելը Թուրքիոյ քաղաքականութեան մաս կը կազմէ>>, ըսած էր Յորդանանի թագաւորը

 

 



comments