Սուրիական բանակը ապահով տարածք յայտարարեց Փալմիրա քաղաքը

By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016

0330Palmyra

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Մարտ 27ի առաւօտեան, սուրիական բանակն ու ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան խումբերը, բուռն բախումներէ ետք, վերջնականապէս ազատագրած են պատմական Փալմիրա քաղաքը, իսկ յաջորդող օրերուն ականազերծած են անոր հրապարակները, պատմամշակութային վայրերն ու օդակայանը:

Այս քայլերէն ետք, ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակոյթի ցանկին վրայ ներառնուած Փալմիրա քաղաքը ապահով տարածք յայտարարուեցաւ:

Սուրիական պետական լրատու գործակալութեան տուեալներով՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը այդ քաղաքը թափանցելէն ի վեր (Մայիս 2015ին), ահաւոր սպանդներ գործած է հոն՝ սպաննելով տեղւոյն բնակչութենէն աւելի քան 500 քաղաքացիներ, ներառեալ՝ սուրիացի հնագէտ Խալետ Ասաատը, ապա նաեւ քանդած է քաղաքի հնագիտական կարեւոր արժէքները, ինչպէս՝ քաղաքի Յաղթանակի կամարը, Պաալ Շամ եւ Պել տաճարները, ազգային թանգարանը եւ այլն:

Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որով ողջունեց Փալմիրայի ազատագրումը:

 

 



comments

Advertisement