Դաւիթ Լոքեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանը

By Asbarez | Wednesday, 30 March 2016

 

0330Lokian Iran

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատին:

Ողջունելով դեսպանը՝ նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն ժողովուրդներու բարեկամութեամբ ձեւաւորուած կապերը ամուր հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի մարզերուն եւ Իրանի նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման։ <<Մեր մարզերի ակտիւ համագործակցութիւնը Իրանի նահանգների հետ մենք պէտք է կարողանանք նոր մակարդակի վեր հանել>>, ըսած է նախարարը: Նշելով, որ տարածաշրջանին մէջ օրէ օր աւելի տիրական կը դառնայ Իրանի դերակատարութիւնը, Դաւիթ Լոքեան անհրաժեշտ նկատած է Իրանի հետ տնտեսական փոխգործակցութեան աշխուժացումը:

Դեսպան Սաճատի դիտել տուած է, որ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան վեց ամիսներուն ընթացքին անդրադարձած է այն բոլոր հարցերուն, որոնք նախարարութեան եւ դեսպանատան ուշադրութեան առար-կայ են։

Նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի համակարծիք եղած են այն մասին, որ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներուն միջեւ կան տակաւին չօգտագործուած ներուժ, համագործակցութեան բաւական լայն կարելիութիւններ ու հեռանկարներ, ուստի կը նախատեսուի նախարարութեան մէջ ստեղծել Իրանի հարցերով աշխատանքային խումբ, որ հետամուտ պիտի ըլլայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել խորացման վերաբերող հարցերու հետապնդման: Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական կապերու առաւել ամրապնդման տեսանկիւնէն զրուցակիցները կարեւոր նկատած են մարզպետներու մակարդակով յաճախակի փոխայցելութիւնները, ինչ որ, կողմերուն համաձայն, նոր աշխուժութիւն պիտի հաղորդէ միջմարզային յարաբերութիւններուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Իրան-Հայաստան միջսահմանային տնտեսական տարածք ստեղծելու վերաբերող հարցեր:

 

 



comments

Advertisement