Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Փալմիրայի ազատագրումը, մինչ Տաւութօղլու կը խօսի <<ապահովական գօտի>>ի mասին

By Asbarez | Thursday, 31 March 2016

 

0331erdo obama

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հետեւի Հալէպի, Մուսուլի ու Սուլէյմանիյէի մէջ տեղի ունեցող բոլոր զարգացումներուն եւ մտահոգ է այդ շրջաններուն մէջ ապահովական կացութեամբ:

<<Պաաշիքա շրջանին մէջ թրքական ռազմակայան հաստատելու պատճառը, նախ եւ առաջ, իրաքեան կառավարութեան եւ Մուսուլի բնակիչներուն օգնելն է՝ փրկելու իրենց քաղաքը. երկրորդ պատճառը այն է, որ Թուրքիոյ ապահովական գօտին կը սկսի Մուսուլէն՝ հասնելով մինչեւ Հալէպ եւ Սուլէյմանիյէի հիւսիսը, իսկ երրորդը՝ Սինճարի եւ մերձակայ շրջաններուն մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան տարած գործունէութիւնը արգիլելն ու Քիւրտիստան ինքնավար մարզի կառավարութեան կայունութեան պահպանումը>>, ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

<<Մեզի համար կարեւոր է գիտնալ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ Հալէպի եւ Մուսուլի ազատագրումը, այնպիսի ձեւով մը, որ այդ քաղաքները չմնան <<Իսլամական պետութեան>> ձեռքը եւ չանցնին (Սուրիոյ նախագահ Պաշշար) Ասատի ու շիի զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը>>, ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի ողջունեց Սուրիոյ բանակին կողմէ պատմական Փալմիրա քաղաքին վրայ վերահսկողութեան հաստատումը: Ան նշեց, որ այդ քաղաքը գրաւելով՝ <<Իսլամական պետութիւն>>ը վնաս հասցուց մարդկութեան պատմութեան ու գլխատեց հնագէտ մը, հետեւաբար՝ անոր հեռացումը այդ շրջանէն դրական քայլ մը կը նկատուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սուրիոյ բանակի այս քայլը կրնա՞յ ազդել երկրի քաղաքական փոխանցման փուլին վրայ՝ Քըրպի բաւարարուեցաւ ըսելով. <<Սուրիական ուժերը, ռուսական աջակցութեամբ, սահմանափակ յառաջխաղացք արձանագրեցին>>:

 

 


comments