Մարտական գործողութիւններու նախաձեռնութիւնը մեր ձեռքն է

By Yerakouyn | Saturday, 02 April 2016

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է. Այս պահի դրութեամբ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին, հայկական բանակը վստահօրէն հակահարուած տուած է եւ որոշ տեղեր անցած է հակայարձակման: Երկու կողմերէն ալ զոհեր կան, սակայն հակառակորդը ունի մեծաքանակ կենդանի ուժի կորուստ ինչպէս նաեւ ռազմասարքերու, որոնց մէջ նաեւ մէկ ուղղաթիռ:

Մարտական գործողուններու նախաձեռնութիւնը մեր ձեռքն է:



comments