Հակառակորդը զինադադարը կը խախտէ սահմանի ողջ երկայնքով. Դաւիթ Բաբայեան

By Yerakouyn | Saturday, 02 April 2016

 

 

Սահմանին իրավիճակը լարուած է, եւ հակառակորդը ոչ թէ ինչ-որ հատուածներով կը խախտէ զինադադարը, այլ սահմանի գրեթէ ողջ երկայնքով: Այս մասին

Panorama.am-ի հետ զրոյցին յայտնած ԼՂՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը:

<<Հակառակորդը օգտագործած է ծանր զինատեսակներ, եւ որոշ տեղեր նաեւ թափանցելու փորձեր կատարած է, սակայն ստանալով համարժէք պատասխան, ետ շպրտուած է եւ ունի մեծ կորուստներ>>, – նշած Դ. Բաբայեան:

Վերջինս ընդգծած է` իրավիճակը այնպէս է, որ նման լարուածութիւն չէ եղած 1994- էն ի վեր:

Դաւիթ Բաբայեանի փոխանցմամբ` հակառակորդի կողմէն կիրառուած են տարբեր տիպի ծանր զինատեսակներ, սակայն ստացած են համարժէք պատասխան:

<<Մենք միշտ ըսած ենք, որ Ատրպէյճանի նման պահուածքը, նման աքլորութիւնը չի կրնար ըլլալ միայն Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնը: Ըստ երեւոյթին` անոր մէջքին կանգնած են որոշ ուժեր` մասնաւորապէս` Թուրքիան: Այսպիսի զարգացումները, յատկապէս` Ուաշինքթոնի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումներու ընթացքին, ուր կը քննարկուին կարեւորագոյն հարցեր, իսկ Ալիեւը կ’երթայ եւ հանդէս կու գայ իբրեւ ահաբեկիչ` արդէն ահազանգ են բոլորի համար>>, – աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեանը:


comments