By Asbarez | Tuesday, 05 April 2016
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, յանուն աշխարհասփիւռ իր մեծ ընտանիքին, խստիւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած ատրպէյճանական ոճրային արարքները, որոնք կը վայելեն Թուրքիոյ բացայայտ քաջալերանքը։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Հայոց բանակին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ խորապէս կը ցաւակցի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ բագինին վրայ նահատակուած հերոսներուն եւ անմեղ քաղաքացիներուն ընտանիքներուն։
ՀՄԸՄը, մեկնելով իր սրբազան սկզբունքներէն, «Կամաւոր բանակ»ի իր դարաւոր վճռակամութեամբ կը վերահաստատէ պատրաստակամութիւնը՝ իր ամբողջ ուժականութիւնը ի գործ դնելու ու բոլոր միջոցներով մասնակից դառնալու համար Ղարաբաղի սուրբ հողին ամրապնդման եւ բարգաւաճման։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ