Մինսկի Խմբակի համանախագահները տարածաշրջան կը հասնին

By Asbarez | Tuesday, 05 April 2016


ՎԻԵՆՆԱ - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի կայքէն կը տեղեկանանք, թէ Ապրիլ 5ին, Վիննայի մէջ գումարուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Պելոռուս, Ֆինլանտա, Գերմանիա, Իտալիա, Շուէտ, Թուրքիա) ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի՝ 2017ին նախագահութիւնը ստանձնած Աւս-տրիոյ եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահն ու Սերպիոյ ներկայացուցիչներու ժողովը խստօրէն դատապարտած են ատրպէյճանական ու հայկական ուժերու շփման գիծի երկայնքով տեղի ունեցած աննախադէպ բռնութիւնները:

<<Մենք կը ցաւակցինք բոլոր տուժած ընտանիքներուն, եւ կողմերուն կը յորդորենք անյապաղ դադրեցնել ուժի կիրառումը: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի», շեշտուած է յայտարարութեան մէջ, ու նաեւ աւելցուցած. «Իրավիճակին վատթարացումը կը մատնանշէ համակողմանի կարգաւորման շուրջ համանախագահներու հովանիին ներքեւ անյապաղ բանակցութիւններու ձեռնամուխ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը: Մինսկի խմբակի անդամ պետութիւնները կը վերահաստատեն, որ կը պաշտպանեն ռուս, ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներու միջնորդական ջանքերը եւ կ՛ողջունեն կողմերուն հետ կարելի եղածին չափ շուտ եւ ուղղակի խորհրդակցութիւններ սկսելու անոնց ծրագիրները>>։

<<Թասս>> կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ երկիրներու այս յայտարարութենէն քիչ անց, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Այրօ յայտարարեց, որ համանախագահները տարածաշրջան պիտի մեկնին, իր կարգին, անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ բանակցութեանց սեղան վերադառնալու կոչ ընելով հակամարտութեան կողմերուն:

Ըստ հայաստանեան աղբիւրներու, համանագահները Հայաստան հասած են Ապրիլ 5ի երեկոյեան ու կը ծրագրեն Արցախ եւ Ատրպէյճան եւս այցելել։

comments

Advertisement