Սպանական երկու քաղաքներ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Thursday, 07 April 2016

 

0407Spain

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ապրիլ 5ին, Սպանիոյ երկու քաղաքներ՝ Փուենթէ Խենիլ եւ Ռոտա տէ Անտալուսիա պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Երկու քաղաքներուն մէջ համապատասխան բանաձեւեր վաւերացուած են՝ քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու միաձայն համաձայնութեամբ:

Բանաձեւերուն մէջ կը դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութիւնը, եւ Սպանիոյ այլ քաղաքներու, ինչպէս նաեւ կեդրոնական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ըլլայ՝ հետեւելու իրենց օրինակին եւ նոյնը յորդորելու Թուրքիոյ:

Բանաձեւերու վաւերացման կարեւորութիւնը շեշտած են Փուենթէ Խենիլի եւ Ռոտա տէ Անտալուսիայի քաղաքապետները՝ աւելցնելով, թէ նման արարքներ պիտի նպաստեն ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։


comments