By Asbarez | Friday, 08 April 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Արցախի հետ շփման գիծին վրայ ռազմական գործողութիւնները սանձազերծելէն ի վեր, Ատրպէյճան կորսնցուցած է 14 անօդաչու թռչող սարք:
Լուրեր կը շրջանառուին այն մասին, թէ Ատրպէյճանի կորսնցուցած սարքերը արտադրուած են Իսրայէլի մէջ: Վարկածներ կան նաեւ այն մասին, թէ իսրայէլեան արտադրութեամբ այս մարտական սարքերը կառավարուած են իսրայէլացի մասնագէտներու կողմէ:
Այս մասին հարցադրումներու պատասխանելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատած է, որ հայկական կողմին ոչնչացուցած թռչող սարքերուն մէջ եղած են իսրայէլեան արտադրութեամբ սարքեր։ Իսկ իսրայէլացի մասնագէտներու ներգրաւուածութեան մասին հարցումին պատասխանած է Հայաստանի մօտ Իսրայէլի դեսպանը (նստավայրը՝ Երուսաղէմ) Շմուէլ Մէյրոմ՝ ըսելով. <<Չեմ գիտեր ոեւէ իսրայէլացի մասնագէտի կամ մասնագէտներու մասին, որոնք այս օրերուն Ատրպէյճան գտնուին՝ օգնելու համար Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն, անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործման հարցով: Ես ոչինչ գիտեմ այս մասին: Չեմ կրնար հերքել կամ հաստատել, թէ Ատրպէյճան օգտագործած է իսրայէլեան արտադրութեամբ սարքեր, բայց այդ մէկը կարելի՛ է, որովհետեւ մենք զէնքեր կը վաճառենք Ատրպէյճանին եւ այդ մէկը գաղտնիք չէ>>։
Մէյրոմ աւելցուցած է, որ Իսրայէլ, իբրեւ կանոն, երբեք իր քաղաքացիներն ու մասնագէտները չի ներգրաւեր որեւէ այլ պետութեան մը դէմ իր զէնքերը կիրառելու գործերուն: <<Այս մէկը յստակօրէ՛ն կրամ ըսել>>, հաստատած է դիւանագէտը, որ սակայն աւելցուցած է, թէ ատրպէյճանցի մասնագէտներ կրնան Իսրայէլի կամ Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլացի մասնագէտներու կողմէ մարզուած ըլլալ նման սարքեր գործածելու համար։
Դեսպանը նաեւ փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը, որ հետեւեալն է. <<Մենք կ՛աջակցինք խաղաղութեան հասնելու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ