<<Իսլամական Պետութեան>> 150 զինեալներ Թուրքիայէն Ատրպէյճան տեղափոխուած են. Քիւրտ լրագրող

By Asbarez | Tuesday, 12 April 2016

 

0412Soro

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Քիւրտ լրագրող Սալահետտին Սորօ թրքական <<Օզկիւր Կիւնտեմ>> ընդդիմադիր թերթի կայքին վրայ գրած է, թէ Թուրքիա Ռուսիայէն վրէժ լուծելու նպատակով որոշած է Արցախի մէջ իրավիճակը ապակայունացնել։

Լրագրողը գրած է, թէ ինք ունի այն համոզումը, թէ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայն են, որ Արցախ անկախ ըլլայ:

<<Տարածաշրջանային բոլոր խնդիրներուն մէջ, Ռուսիա եւ Թուրքիա զարմանալիօրէն իրարու դէմ դուրս կու գան. այդպէս էր նաեւ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, իսկ այժմ՝ Ղարաբաղի մէջ: Բայց եթէ Թուրքիա ուղղակիօրէն միջամտէ ղարաբաղեան գործընթացին, ապա այդ մէկը կրնայ թուրք-ռուսական պատերազմի առաջնորդել>>, գրած է ան:

Քիւրտ լրագրողին ձեռք բերած, սակայն չստուգուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ <<Իսլամական պետութեան>> անդամ մօտաւորապէս 150 զինեալներ Թուրքիոյ տարածքէն տեղափոխուած են Ատրպէյճան: Անոնք ուղարկուած են Հայաստանի դէմ կռուելու համար: Բախումներու գօտիին վրայ գլխատման որոշ դէպքերու մասին տեղեկութիւնները թերեւս կու գան հաստատելու վերոնշեալ թէզը>>, գրած է Սորօ:

Յօդուածին հեղինակը նաեւ կ՛անդրադառնայ թրքական մամուլին մէջ տեղ գտած այն լուրերուն, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը զինեալներ ուղարկած է Ղարաբաղ՝ անհաւանական նկատելով այդ պնդումները։ Ան կը շեշտէ, թէ նման լուրեր տարածելու հիմնական պատճառը այն է, որ Թուրքիա կ՛ուզէ առիթ եւ հիմնաւորում ստեղծել՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ իր միջամտութիւնը ապահովելու համար:

 

 


 


comments