Տեմիրթաշ կը դատապարտէ Թուրքիոյ պատմութիւնը հերքելու քայլերը

By Asbarez | Wednesday, 13 April 2016

 

0412Demirtas

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ապրիլ 10ին կայացած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան արտակարգ համագումարը թատերաբեմ դարձաւ կուսակցութեան պետ Սալահետտին Տեմիրթաշի շատ խիզախ ելոյթներուն։

Արդարեւ, Տեմիրթաշ անգամ մը եւս խիստ ոճով ասպարէզ կարդաց իշխող կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան հասցէին՝ պնդելով, որ մինչեւ այսօր Թուրքիոյ պատմութիւնը գրի առնուած է սուտ պնդումներով։

Տեմիրթաշ նախ դիտել տուաւ, որ իր կուսակցութիւնը սկսած է վախ պատճառելու կառավարական շրջանակներուն, որովհետեւ արգելք կը հանդիսանայ <<ոմանց քմահաճ կարգադրութիւններուն>>։

Պատասխանելով նախագահ Էրտողանի անցեալ օրուան այն արտայայտութեան, թէ՝ <<կա՛մ գլուխ պիտի հակէք, կա՛մ գլուխ պիտի տաք>>, Տեմիրթաշ ըսաւ, որ <<անոնց քաղաքականութիւնը ա՛յս է, ահաւասիկ, կա՛մ պէտք է գլուխ հակենք, կա՛մ պիտի ենթարկուինք այն ցեղասպանութեան, որուն նմանները կատարուած են արդէն>>։

Զանազան ակնարկութիւններու կողքին, ինչպէս կը նշէ <<Ճումհուրիյէ>>չի քրոնիկագիր Այշէ Եըլտըրըմ, Տեմիրթաշ բացաւ նաեւ շրջանին մէջ հազար տարուան քրտական գոյութեան խաղաքարտը եւ ըսաւ. <<Երբ Ալփասլան 1071ին Մանազկերտ եկաւ, Անատոլուի մէջ Արտահանէն մինչեւ Սիւլէյմանիյէ, Վանէն մինչեւ Պոթան քիւրտեր կ՛ապրէին։ Ալփասլան երբ Անատոլու եկաւ, հոն հայե՛ր կ՛ապրէին>>։

Տեմիրթաշ ապա դիտել տալով, որ այսօրուան Թուրքիոյ պատմութիւնը սո՛ւտ պատմութիւն է՝ կառավարութիւնը եւ հանրապետականներու ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն հրաւիրեց խոստովանելու ճշմարտութիւնը։

 



comments

Advertisement