Ֆիզուլիի մասին Ատրպէյճանի նոր պնդումն ու ծիծաղաշարժ <<ապացոյց>>ը

By Asbarez | Wednesday, 13 April 2016

 

0413fizuli

ԵՐԵՒԱՆ - <<Էրմենիհապեր>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ ատրպէյճանական աղբիւրներ կը պնդեն, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը <<վերագրաւած են>> Ֆիզուլի քաղաքը։ Լուրը արագ տարածում գտած է ատրպէյճանական ընկերային ցանցերու մէջ եւ լրատու գործակալութիւններու կողմէ։ Յաղթանակը <<փաստող>> լուրին հետ կցուած է լուսանկար մը, ուր կը տեսնուին զինուորներ՝ <<Ֆիզուլ>>ջ գրութեամբ վահանակի մը առջեւ։ Բայց լուսանկարին մէջ քանի մը տարօրինակութիւններ կան. նախ՝ զինուորներէն մէկուն ոտքերը օդին մէջ մնացած են. բացի ատկէ, անոնցմէ մէկը <<երկու աջ ձեռք>> ունի։ Աւելի՛ն. այս վահանակը, որուն առջեւ իբր թէ լուսանկարուած են ատրպէյճանցի զինուորները, 1996ին հանուած էր արդէն այդ քաղաքի մուտքէն…


comments