By Asbarez | Thursday, 14 April 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ատրպէյճանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը քննադատութիւններով հանդէս եկած են Արցախի վրայ կատարուած զինուորական վերջին գործողութիւններուն կապակցութեամբ ու մեղադրած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը։
Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի եղած զինուորական ու նիւթական մեծ կորուստներուն պատճառով քննադատած է իշխող կուսակցութիւնը՝ յայտնելով, որ եթէ զինուորական մարզին համար միլիառաւոր տոլարներ կը տրամադրուին, ապա պէտք չէ՛ր որ աւելի քան 100 զինուոր զոհուէին։
Ըստ Քերիմլիի՝ Ալիեւի գործողութիւնները ո՛չ թէ Լեռնային Ղարաբաղը վերագրաւելու, այլ իշխանութիւնը պահելու համար իրականացուած են։ Ընդդիմադիր գործիչը պնդած է, որ զոհերու իրական թիւը չի հաղորդուիր եւ զոհերուն մասին ճիշդ տուեալները միա՛յն անկախ լրագրողներու կողմէ է որ կը ներկայացուին հանրութեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ