Օհանեան Միլզին ներկայացուցած է արձանագրուած ռազմական յանցագործութիւնները

By Asbarez | Thursday, 14 April 2016

 

0414mills

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 13 Ապրիլին ընդունած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը։ Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւնները եւ շփման գիծին վրայ ներկայիս տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Օհանեան դեսպանին ներկայացուցած է ատրպէյճանական կողմին բացայայտ յարձակողապաշտութեան հիմնական առաձնայատկութիւնները, որոնց մէջ՝ հայկական կողմին զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն գործած ռազմական յանցագործութիւնները եւ զինեալ հակամարտութեան իրաւունքի այլ դրոյթներու կոպիտ ոտնահարումները, եւ նշած է, որ ձեռնամուխ պիտի ըլլայ այդ ոճիրներուն միջազգայնօրէն ընդունուած ի-րաւական գնահատական տալուն:

Կարեւոր նկատուած է նաեւ միջնորդական ջանքերու աշխուժացման, զինադադարի գրաւոր պայմանաւորուածութեամբ ամրագրման, վստահութեան ամրապնդման մեքանիզմներու ստեղծման հրամայականը՝ իբրեւ հակամարտութեան գծով ձեւաւորուած զինեալ դիմակայութեան թուլացման նախապայման:

 



comments