Պաշտպանութեան բանակը կասեցուցած է հետախուզական-ներթափանցման փորձ մը

By Asbarez | Friday, 15 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ հակառակորդին յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու կողմէ հարաւային ուղղութեամբ ձեռնարկուած հետախուզական–ներթափանցման գործողութիւն մը կասեցուած է հայ սահմանապահներուն կողմէ, որոնք նահանջելու ստիպած են հակառակորդը։

Որոշ հատուածներու մէջ արձանագրուած են զինադադարի առնչութեամբ ձեռքբերուած բանաւոր պայմանաւորուածութեան խախտումներ: Մասնաւորապէս, Մարտակերտի եւ Հադրութի ուղղութիւններով ատրպէյճանական զինուած ուժը ականանետերէ եւ նռնականետերէ կրակած է հայկական դիրքերուն վրայ:

Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Լեւոն Մնացականեանի համաձայն՝ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է: <<Ամէն ինչ վերահսկւում է, վերահսկողութեան տակ է: Վտանգ չի սպասւում։ Անցած գիշեր հակառակորդի ձեռնարկած դիւերսիոն ներթափանցման փորձը յետ մղելիս զոհեր ու վիրաւորներ չունենք>>, հաստատած է ան:

Պատասխանելով <<Ազատութեան>> այն հարցումին, թէ որքանով հաւանական է, որ Ատրպէյճան կրկին դիմէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է. <<Այդ հնարաւորութիւնը երբեւէ չպէտք է բացառել: Ճիշդ է, հաւանականութիւնը շատ քիչ է, որովհետեւ (հակառակորդը) ստացել է համարժէք պատասխան, ունի շատ մեծ կորուստներ: Նաեւ միջազգային հանրութիւնը բաւականին յստակ մեսիջներ է ուղարկել պաշտօնական Բաքուին, որ այսպիսի սցենար երբեւիցէ չպէտք է կրկնուի: Այնուամենայնիւ, մենք միշտ պատրաստ ենք, եւ այդպէս էլ պէտք է լինի. բանակը միշտ պէտք է ի վիճակի լինի եւ պատրաստ լինի կասեցնել ցանկացած փորձ: Այսօր եղել են փոքր փորձեր, բայց այդ ամէնը կասեցուել է եւ թշնամին հետ է շպրտուել: Չնայած, որ հաւանականութիւնը քիչ է, բայց ամէն պահի պէտք է լինենք պատրաստ>>:

Միւս կողմէ, 13-14 Ապրիլի գիշերը Ատրպէյճանի զինուած ուժերը անկանոն կրակ բացած են Տաւուշի հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ։ Հայ–ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիին հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմը կատարած է 9 խախտում եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ սահմանապահներու ուղղութեամբ:

Բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները, ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակին:

 


comments