Անդրանիկ Կարապետեան եւ Նազիկ Աւդալեան՝ ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեաններ

By Asbarez | Friday, 15 April 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Նորվեկիոյ Ֆէօրտէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ 77 քկ. դասակարգին մէջ Անդրանիկ Կարապետեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ Տիգրան Մարտիրոսեան հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր՝ փոխախոյեան։

Կարապետեան բարձրացուց 367 քկ. (170+197), իսկ Մարտիրոսեան՝ 352 քկ. (160+192):

Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ռումանիան ներկայացնող Տումիթրու Քափթարին:

Նաեւ, կանանց 69 քկ. դասակարգին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներէն Նազիկ Աւդալեան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանութեան կոչումը:

Նազիկ Աւդալեան եւ Անդրանիկ Կարապետեան իրենց յաղթանակները նուիրեցին Արցախի սահմանը պաշտպանող հերոս տղոց։

 


comments