By Asbarez | Friday, 15 April 2016
ԵՐԵՒԱՆ,<<Թերթ>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը շարունակէ խեղդել խօսքի ազատութիւնը՝ իր երկրին մէջ բռնապետական կառավարութիւն ստեղծելու համար, դառնալով ապակայունացման աղբիւր մը Միջին Արեւելքի մէջ. <<Նիւ Եորք Թայմզ>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այսպէս յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ պատգամաւոր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ:
<<Մէկը պէտք է Էրտողանին ըսէ, թէ ինք կը վերածուի Միջին Արեւելքի համար ապակայունացման աղբիւրի: Ան դադրեցուցած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւնները, ճնշող պետութիւն կը ստեղծէ եւ կ՛ոտնահարէ այն ամէնը, ինչ մնացած է թրքական ժողովրդավարութենէն>>, աւելցուցած է Տեմիրթաշ:
Ան նաեւ քննադատած է Եւրոմիութիւնն ու Միացեալ Նահանգները՝ Անգարայի հակաքիւրտ քաղաքականութիւնը գիտակցաբար անտեսելու յանցանքով: <<Եւրոպացիները այդպէս կը վարուին, քանի որ յուսահատ են ու կը փափաքին Էրտողանին հետ համաձայնիլ սուրիացի փախստականները պահելու հարցով: Իր կարգին, Ուաշինկթըն Թուրքիան կը նկատէ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին համար անփոխարինելի դաշնակից>>, մեկնաբանած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ