By Asbarez | Tuesday, 15 November 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պլումպըրկ».- Հակառակ հայկական եւ իսրայէլեան ընդդիմութեան, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը վաւերացուցած է Թուրքիոյ 111 միլիոն տոլար արժող զէնքեր եւ ռազմական ուղղաթիռներ ծախելու կառավարութեան առաջարկը:
Քոնկրեսականներ Շելի Պըրքլիի ու Էլիըթ Էնկըլի առաջնորդութեամբ, խումբ մը քոնկրեսականներ անցեալ շաբաթ կոչ ըրած էին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ դէմ դնեն սոյն համաձայնութեան: Անոնց կոչին աջակցած էին Կիպրոսի, Յունաստանի, Իսրայէլի եւ քիւրտերու բարեկամ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ դատապարտելով Թուրքիոյ զինուորական ուժերուն կողմէ երկրի քրտաբնակ շրջաններուն եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները քիւրտերուն դէմ:
Թուրքիա ռազմական ուղղաթիռները ապսպրած է յատկապէս քիւրտերու դէմ զինուորական գործողութեանց համար: Ուղղաթիռները շատ հաւանաբար Թուրքիոյ յանձնուին յառաջիկայ երեք ամիսներուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ