Տինքի Սպանութեան Իսկական Պատասխանատուները Բացայայտելու Կոչ

By Asbarez | Tuesday, 15 November 2011

ՊՈՏՐՈՒՄ, «Արմէնփրէս».- «Հրանդի պոտրումցի ընկերներու խումբ»ը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ արդարադատութեան նախարարութենէն պահանջած է բացայայտել 2007ի Յունուար 19ին, թրքական ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան իսկական պատասխանատուները:

Թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին կը հաղորդէ, որ Էրտողանին յղուած նամակին մէջ խումբը նշած է. «Կը պահանջենք կատարել Ռաքել Տինքին տուած ձեր խոստումը եւ բացայայտել Հրանդի սպանութեան մեղաւորները»:

«Վարչապե՛տ, յարգէ՛ խոստումդ» գրութեամբ պաստառներով եւ Տինքի դիմանկարներով Պոտրումի կեդրոնական հրապարակ հաւաքուած «Հրանդի պոտորումցի ընկերներու խումբ»ի անդամները, իրենց պահանջը ներկայացնելէ ետք յայտարարած են, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն հինգ տարի ետք արդէն իսկ 21րդ դատական նիստը ընթացքի մէջ է, սակայն սպանութեան իսկական մեղաւորները տակաւին չեն յայտնաբերուած:

comments