By Asbarez | Saturday, 16 April 2016
ԹԱՀԱՆԿԱ, <<Էյ.Պի.Սի.>> - Լոս Անճելըսի Թահանկա շրջանէն հայ ընտանիք մը սպառնալիքներով լեցուն նամակ մը ստացած է, երբ իր տան վրայ կախած է Հայաստանի դրօշակը՝ ի պատիւ հերոսի մահով ինկած հայ զինուորներուն:
Արդարեւ, Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը տեղեկացուցած է, թէ Յասմիկ Չաթալեան Ապրիլ 14ին բողոք յայտնած է ոստիկանութեան՝ սպառնալիքներով լեցուն նամակին մասին։ Ոստիկանութիւնը հարցը կը հետաքննէ իբրեւ ատելութեան հիման վրայ կատարուած արարք:
Սպառնալիքներէն մէկը եղած է՝ <<Դուք տակաւին պիտի զղջաք>>, իսկ ուրիշ մը՝ <<Պիտի կրէք վնասներ>>։
Չաթալեաններու ընտանիքը ոչ միայն չէ հանած Հայաստանի դրօշակը, այլեւ անոր կողքին կախած է ուրիշ մը՝ միաժամանակ կոչ ընելով հայ ընտանիքներուն, որ նոյնպէս հայկական դրօշակներ կախեն իրենց բնակարաններուն առջեւ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ