By Asbarez | Sunday, 17 April 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Ապրիլ 14ի երեկոյեան, աւարտելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն երկօրեայ իրենց այցը, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւ արարողութիւններուն ժամանակ, կաթողիկոսները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու պաշտպանութեան բանակին՝ աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Արցախին փոխանցեց Ս. Էջմիածինի եւ թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլարի գումարը: Նոյնքան գումար փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, նոյն նպատակին համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ թեմերուն կողմէ:
Կաթողիկոսներուն կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները կը շարունակուին թեմերուն մէջ:
Նշենք, որ Ապրիլ 15ին հաղորդուեցաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ կատարուած դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք, արդէն իսկ հաւաքուած է մօտաւորապէս 4.5 միլիոն տոլար։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ