Ժիրայր Րէիսեան եւ Նորա Արիսեան Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ կ՝ընտրուին

By Asbarez | Sunday, 17 April 2016

0419elected10419elected

ՀԱԼԷՊ - Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու դատական բարձրագոյն յանձնախումբը անցեալ Շաբաթ օր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրատուամիջոցներու ներկայութեան յայտարարեց խորհրդարանի ընտրուած 250 երեսփոխաններու անունները։

Յանձնախումբի ատենապետ դատաւոր Հիշամ ալ Շաար ընտրուած երեսփոխաններու անունները յայտարարելէ ետք նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունէր 8834994 մարդ, քուէարկութեան մասնակցած է 5085444 մարդ, այսինքն՝ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու 57.56 առ հարիւրը։

Սուրիոյ Խորհրդարանին մաս կազմեցին երկու հայ երեսփոխաններ, Հալէպէն, ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեան։


comments