Հայաստանի պատուիրակութիւնը Արցախի հարցով փոթորիկ ստեղծեց ԵԽԽՎի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 20 April 2016



ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Սթրազպուրկի մէջ իր աշխատանքներուն ձեռնարկեց Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 22։ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները ԵԽԽՎի բոլոր խմբակցութիւններուն բաժնեցին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատերազմական վերջին յանցագործութիւններուն մասին գրքոյկներ, որոնց մէջ ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ տարեց մարդոց սպանութիւնները, զինուորի գլխատումը, երեխաներու սպանութիւնները, եւ այլն։ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներուն այս քայլը զայրոյթ պատճառեց Ատրպէյճանի պատուիրակութեան անդամներուն։

Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներէն՝ Սամուէլ Ֆարմանեան ու Նայիրա Զոհրապեան փոթորիկ ստեղծեցին, երբ ելոյթ ունեցած ժամանակ խիստ քննադատութեանց ենթարկեցին ԵԽԽՎի նախագահ Փեթրօ Ակրամունթը՝ Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակումներու օրերուն Ակրամունթի ըրած կողմնակալ յայտարարութեան համար։ Մասնաւորաբար նշուեցաւ, որ այդ օրերուն, երբ ռազմական յանցագործութիւններ կը կատարուէին խաղաղ բնակիչներու դէմ եւ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կը ռմբակոծէին հայկական գիւղերը, Ակրամունթ, որ իր պաշտօնին բերումով պարտաւոր է անաչառութիւն ու չէզոքութիւն ցուցաբերել, ըրաւ այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կ՛ոգեւորէին Ատրպէյճանը։

Հայաստանցի երեսփոխանները Ակրամունթը մեղադրեցին՝ ըսելով. <<Ճշմարտութի՛ւն է, որ Ակրամունթ վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչն է, եւ ռազմական յարձակումներու օրերուն ինքզինք պահած է որպէս Իլհամ Ալիեւի մամլոյ բանբերը>>։ Անոնք նաեւ դիտել տուին, թէ ԵԽԽՎի պատմութեան մէջ աննախադէպ է, որ վեհաժողովի նախագահը զբաղի ո՛չ թէ ԵԽԽՎի, այլ երկրի մը շահերու բացայայտ պաշտպանութեամբ։

<<ԵԽԽՎի նախագահ ընտրուելէն ետք, Ակրամունթ իր առաջին պաշտօնական այցելութեան համար իբրեւ երկիր ընտրեց Ատրպէյճանը, ու իր այդ քայլով հերթական հաւատարմութիւնը յայտնեց Ալիեւի բռնապետութեան>>, ըսին Նայիրա Զոհրապեան ու Սամուէլ Ֆարմանեան, նշելով, որ իրենք նախապէս այս բոլորին մասին ազդարարած էին ԵԽԽՎի երեսփոխանները։

 


comments