Սուրիոյ վերականգնումին համար անհրաժեշտ է 150-180 միլիառ տոլար

By Asbarez | Wednesday, 20 April 2016

0419Syria-WB

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Ռոյթըրզ>> - Համաշխարհային դրամատան ղեկավար Ճիմ Եոն Քիմ Միջազգային դրամական հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան միացեալ ժողովին ընթացքին յայտնեց, թէ Սուրիոյ վերականգնման համար պիտի պահանջուի 150-180 միլիառ տոլար: <<Մտահոգ եմ, որ քարիւղի գիներու անկումին պատճառով, անհրաժեշտ գումարը չհաւաքուի: Սովորաբար, ելեւմտական օգնութեան մեծ մասը կը տրամադրուէր շրջանային դրացիներուն՝ քարիւղ արտահանող պետութիւններուն կողմէ, սակայն հիմա այդ երկիրները իրե՛նք իսկ կը դիմագրաւեն ամավարկային նուազումներ>>, ըսաւ Քիմ: Նախապէս հրապարակուած տուեալներու համաձայն՝ Մարտ 2011էն ի վեր շարունակուող տագնապին պատճառով, Սուրիոյ տնտեսութիւնը կրած է տասնեակ միլիառաւոր տոլարի վնաս:


comments