By Asbarez | Wednesday, 20 April 2016
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Էյ.Փի.>> - Երկուշաբթի, Ապրիլ 18ի յետմիջօրէին, <<Փուլիցըր>> հիմնարկին կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ Փիթըր Պալաքեանի <<Օզոն Ճուրնըլ>> բանաստեղծութիւններու հատորը արժանացած է այս տարուան <<Փուլիցըր>> հեղինակաւոր մրցանակին՝ բանաստեղծութեան բաժանմունքին մէջ։
Հիմնարկը, որ լրագրութեան, խմբագրութեան, լուսանկարչութեան, երաժշտութեան, գրականութեան ու այլ մարզերու մէջ տարեկան մրցանակներ կը շնորհէ, այս տարի կը տօնէ իր հարիւրամեակը։
Ակնարկելով Պալաքեանի գործին՝ մրցանակներու վարիչ Մայք Փրայտ յայտարարած է. <<Բանաստեղծութեանց այս հաւաքածոն ականատես կը հանդիսանայ վաղեմի կորուստներու եւ ողբերգութեանց, որոնք ներկայ ժամանակներու համաշխարհային վտանգներուն եւ անորոշութեանց ետին կը կանգնին>>։
Պալաքեանի <<Օզոն Ճուրնըլ>> հատորը, որ լոյս տեսած է <<Շիքակօ>> հրատարակչատունէն, հետաքրքրական կապեր կը գծէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, Նայրոպիի չքաւորներուն եւ այլ իրաւազուրկներու, ինչպէս նաեւ՝ կենսոլորտի ջերմութեան եւ <<Էյտզ>> հիւանդութեան միջեւ, փորձելով կորուստներէն եւ աղէտներէն իմաստ մը պեղել։
<<Քոլկէյթ>> համալսարանի դասախօս Փիթըր Պալաքեանը հեղինակն է շարք մը այլ բանաստեղծական հատորներու, ինչպէս նաեւ ինքնակենսագրական՝ <<Ճակատագրի Սեւ Շունը>> հատորին, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան նուիրուած <<Այրող Տիգրիսը>> պատմագիտական գործին ու արձակ այլ ստեղծագործութիւններու եւ յօդուածներու: Ան նաեւ թարգմանական աշխատանք կատարած է, ինչպէս՝ Գրիգորիս Պալաքեանի <<Հայկական Գողգոթան>>:
Անգլիագիր Պալաքեանի գործերը թարգմանուած են հայերէնի, արաբերէնի, պուլկարերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, յունարէնի, հոլանտերէնի, եբրայերէնի, ռուսերէնի, սերպ-խրուաթերէնի եւ թրքերէնի: Անոր <<Ճակատագրի Սեւ Շունը>> հատորը արժանացած է <<ՓԵՆ-Ալպրենտ>> մրցանակին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ