Կոլանը Իսրայէլի մէկ մասը չէ. Ուաշինկթըն

By Asbarez | Thursday, 21 April 2016

0421Kirby

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՌԻԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի, մեկնաբանելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի այն յայտարարութիւնը, թէ Կոլանը <<յաւիտեանս պիտի մնայ իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ>>՝ շեշտեց, որ իր երկիրը Կոլանի բարձունքները Իսրայէլի մէկ մասը չի նկատեր: <<Այս հարցին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը չէ փոխուած եւ ատոր համակարծիք են թէ՛ դեմոկրատ եւ թէ հանրապետական վարչակազմերը>>, ըսաւ Քըրպի եւ շեշտեց. <<Այս հողերը Իսրայէլի մէկ մասը չե՛ն, եւ անոնց կարգավիճակը պէտք է ճշդուի բանակցութիւններու ճամբով, սակայն Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը ատիկա չ՛արտօներ>>:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. <<Կոլանի բարձունքները Սուրիոյ հողամասերուն անբաժանելի մէկ մասն են>>:

Արաբական լիկան դատապարտեց Նեթանիահուի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ ատիկա գրգռիչ յայտարարութիւն մըն է, որուն նպատակն է խաղաղութեան միջազգային ջանքերը ձախողութեան մատնել: Արաբական լիկան Նեթանիահուի յայտարարութիւնը նաեւ միջազգային օրէնքի, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի, Ապահովութեան խորհուրդի, Մարդկային իրաւանց եւ Ժընեւի համաձայնութեանց բացայայտ խախտում մը նկատեց:

 



comments