By Asbarez | Sunday, 24 April 2016
ՊՈԼՍ, <<Էրմենի Հապեր>> - Թուրքիոյ խորհրդարանական ընդդիմութեան մաս կազմող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութեան Շիշլի շրջանի կառոյցը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան 101րդ տարելիցի յիշատակման միջոցառում:
Նստացոյցը ընթացած է <<Առանց առերեսման ցեղասպանութիւնները վերջ չեն գտներ>> խորագիրով: Մասնակցիները բռնած են 1915ին սպաննուած հայ մտաւորականներու լուսանկարները:
Ապա տեղի ունեցած է մոմավառութիւն և կարմիր մեխակներով ոգեկոչուած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
HDP-ի ներկայացուցիչ Մահմուտ Չավլըն կուսակցութեան անունով յայտարարութիւն ընթերցած է:
<<Հայերուն տեղահանութիւն անուան տակ տարած են սպանդի: Ցեղասպանութիւնը վերջ չէ գտած: Հրանդ Տինքի, Սևակ Շահինի, Մարիցա Քիւչուքի սպանութիւնները ցեղասպանութեան շարունակութիւնն են>>, ըսած է Մահմուտ Չավլըն:
Ձեռնարկին մասնակցած են բազմաթիւ հայեր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ