Քլունին ստիպեց աշխարհը, որ խօսի Հայերուն ձայնով. միջազգային լրատուամիջոցներուն անդրադարձը

By Asbarez | Tuesday, 26 April 2016



ԵՐԵՒԱՆ -  Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցները ընդարձակ կերպով անդրադարձած են Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած <<Օրորա>> մրցանակաբաշխութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ <<Արմէնփրէս>>ը:

<<Նիւ Եորք Թայմզ>>ը նշած է, որ Պուրունտիի Խաղաղութեան տան (Maison Shalom) հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցէն արժանացաւ առաջին մրցանակին: <<Մր-ցանակը ստեղծուած է ի յիշատակ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան>>, կը գրէ թերթը, որ կը ներկայացնէ մրցանակակիրին՝ Պարանքիցէի պատմութիւնը եւ կը նշէ, որ բացի ստացած 100 հազար տոլարէն, 1 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի երեք կազմակերպութիւններու՝ մարդասիրական օգնութեան, որբեր խնամելու եւ երեխաներու աղքատութեան դէմ պայքարելու նպատակով: Անոնք են՝ Fondation du Grand-Duc et de La Grande-Duchesse du Luxembourg (Լիւքսամպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնարկ), Fondation Jean-Francois Peterbroeck (<<Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք>> հիմնարկ) եւ Fondation Bridderlech Deelen Luxembourg (<<Պրիտերլեխ Տիլեն>> հիմնարկ):

Բրիտանական <<Տը Թելեկրաֆ>> պարբերաթերթը մէջբերած է մրցանակաբաշխութեան ընթացքին աշխարհին ուղղուած Ճորճ Քլունիի յորդորը՝ յիշել, որ գաղթականները սովորական մարդիկ են՝ <<ինծի եւ ձեզի նման>>: <<Պարզագոյն ճշմարտութիւնն այն է, որ մենք բոլորս այս գիշեր այստեղ ենք, քանի որ ժամանակին մէկը բարութիւն ըրած է: Մենք բոլորս կ՛ապաւինինք այն լաւ մարդոց, որոնք չանտեսեցին մեզ, երբ մենք ատոր կարիքը ունէինք>>, մէջբերած է լրատուամիջոցը՝ ներկայացնելով Իրլանտայէն եկած Քլունիներու պատմութիւնը: Պարբերականը գրած է, որ <<Աւրորա>> մրցանակին առաջին յաղթողը այն անձն է, որ 30 հազար մարդ փրկած է:

<<Անգամ մը Հիթլըր ըսած է. <<Սակայն ո՞վ կը յիշէ հայերը: Պատասխանն է՝ ամբողջ աշխարհը: Ահա թէ ով>>, <<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Ճորճ Քլունիի խօսքերը մէջբերած է <<Տը Հոլիվուտ Ռիփորթըր>>ը՝ նշելով, որ յայտնի դերասանն ու գործիչը ամբողջ աշխարհին յորդորած է ճանչնալ հայերուն նկատմամբ 1915 թուականին կատարուած կոտորածները որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն: Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ, թէեւ ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկիրներ պաշտօնապէս 1915ի դէպքերը անուանած են <<ցեղասպանութիւն>>, սակայն Միացեալ Նահանգներ դեռ այդ քայլը չէ առած: <<Տը Հոլիվուտ Ռիփորթըր>>ը կ՛ընդգծէ, որ այս հարցով մեծ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ Թուրքիան:

<<Քլունին կարեւոր ձայն դարձած է՝ ի պաշտպանութիւն այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչ որ, ի դէպ, չէ ըրած Միացեալ Նահանգները>>, կը գրէ <<Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ>> լրատուականը՝ ներկայացնելով մրցանակաբաշխութեան մանրամասնութիւնները ու անոր յաղթողին անձնական պատմութիւնը:

<<Օսկարակիր դերասանը պատմած է պայքարի պատմութիւնը իր նախնիներուն, որոնք 19րդ դարուն հեռացած են Իրլանտայէն, եւ կոչ ուղղած է մարդոց՝ հաւատալու, որ իրենք կրնան բան մը փոխել>>, նման խօսքերով բրիտանական <<Տը Կարտիըն>> պարբերականը անդրադարձած է <<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիի ելոյթին: Լրատուամիջոցը ներկայացուցած է մրցանակաբաշխութեան մանրամասնութիւններն ու անոր յաղթողը: <<Տը Կարտիըն>> պատմած է, որ մրցանակաբաշխութենէն առաջ Քլունի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ այցելած է յուշահամալիր՝ յարգելու <<յիշատակը այն 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ: <<Մրցանակաբաշխութեան ժամանակ Քլունին կոչ ուղղած է աշխարհին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը>>, գրած է բրիտանական լրատուամիջոցը:

<<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան անդրադարձած է նաեւ <<Պի.Պի.Սի.>>ն՝ նշելով, որ ատիկա մարդասիրական մրցանակ է՝ հիմնուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներուն կողմէ՝ ի յիշատակ անոնց, որոնք փրկած են զիրենք:

 


comments

Advertisement