By Aztag Daily | Tuesday, 26 April 2016

Կիրակի, 24 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Անմար կրակին մօտ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ կատարեց հոգեւոր դասը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` Իր կնոջ Ռիթա Սարգսեանի հետ, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:
Երկրին բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին նաեւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի, <<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներն ու մասնակիցները, <<Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան>> համաշխարհային երկրորդ համաժողովի մասնակիցները:
Պաշտօնական բարձրաստիճան այցելուներէն բացի, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ, բազմահազար հայորդիներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Ապրիլ 24-ին յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ