Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի. Քրտական թերթ

By Asbarez | Tuesday, 26 April 2016

0426Ozgur

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին առթիւ, Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող քրտական <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>> թերթը, իր կողքին վրայ հայերէն վերնագիր եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ հրապարակած է Ապրիլ 24ին:

Թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> լրատուական կայքը գրած է, թէ թերթը անցեալի եւ մերօրեայ ողբերգութիւններուն անդրադարձած է՝ <<Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի>> խորագիրին ներքեւ, զուգահեռներ գծելով օսմանեան եւ այսօրուան Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւններուն միջեւ։

 



comments