Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը. Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ

By Asbarez | Tuesday, 26 April 2016

 

 

0426ghulian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի խումբի ղեկավար Ֆրանք Էնկըլ 25 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին  յայտարարած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որպէսզի կանխարգիլէ այդ երկրի բնակչութեան գոյութեան սպառնալիքը:

Անոր համաձայն՝ այդ հարցով բոլոր իրաւաբանական դատողութիւնները սահմանափակ բնոյթ կը կրեն: <<Համանման իրավիճակներու հետ եղած բոլոր բաղդատականները, օրինակ՝ Քոսովոյի պարագան, սահմանափակ բնոյթ կը կրեն: Այդ կը նշանակէ, որ մենք Եւրոպական խորհրդարանին եւ ազգային խորհրդարաններուն մէջ մեր պաշտօնակիցներուն հետ պէտք է ջանք ի գործ դնենք, որպէսզի հասնինք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման: Եթէ ատիկա տեղի չունենայ, Լեռնային Ղարաբաղը մեծ վտանգի մէջ կը յայտնուի, եւ չենք հասնիր այն արդիւնքին, որ պէտք է արձանագրուի 2016 թուականին քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ եւ ոչ ալ անկէ ետք>>, ընդգծել է Էնկըլ:

Նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Ֆրանք Էնկըլը եւ Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին անոր ընկերակցող Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանը ու <<Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ>> միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Յովհաննէս Գրիգորեանը:

Հանդիպումը կայացած է ընդլայնուած կազմով՝ Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրախորհրդարան բարեկամութեան խումբի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը՝ Աշոտ Ղուլեան կարեւոր նկատած է Ֆրանք Էնկըլի Արցախ այցելութիւնը այս օրերուն եւ յոյս յայտնած, որ հանդիպումը նոր գաղափարներու ծնունդի առիթ կը հանդիսանայ՝ ապագայ համագործակցութեան համար:

<<Ապրիլի 12ին Եւրախորհրդարանում ղարաբաղեան թեմայով քննարկումները ցոյց տուեցին, որ այնտեղ կայ տեղեկացուած հանրութիւն, մի խումբ, որը կարող է ստանձնել Ղարաբաղի մասին անմիջական, օբյեկտիւ տեղեկատուութիւնը գործընկերների հետ կիսելու կարեւոր գործը>>, նշած է Աշոտ Ղուլեան:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան կողմի դիրքորոշման՝  խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ, գոնէ այժմ, բոլորին համար աւելի շօշափելի պէտք է ըլլայ այն իրողութիւնը, որուն մասին նախորդ տարիներուն կը խօսէր արցախեան կողմը:

<<Ապրիլի առաջին օրերից, երբ ծաւալուեց Ադրբեջանի նոր ագրեսիան, կարծում եմ, շատերի համար հասկանալի դարձաւ այն ընկալումը, որ միջազգային ճանաչումը մեզ համար միայն ցանկութիւն չէ, դա մեր ժողովրդի անվտանգութիւնն ապահովելու միակ իրատեսական ճանապարհն է>>, շեշտած է Աշոտ Ղուլեան:

Ֆրանք Էնկըլ գոհունակութիւն յայտնեց այս հանգրուանին Արցախի մէջ ըլլալու կարելիութիւն ունենալուն համար։ Խօսելով Ապրիլի կէսերուն ղարաբաղեան թեմայով  Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն մասին՝ եւրոպացի երեսփոխանը նշած է, որ այդ քննարկումներուն դրական ազդեցութիւնը ակնյայտ է, քանի որ անոնց իբրեւ արդիւնք կատարուած է Ատրպէյճանի վերաբերեալ ըմբռնումներու վերաիմաստաւորում:

Ֆրանք Էնկըլ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման գործընթացին համար տարուող աշխատանքները:

Հանդիպման աւարտին Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան ու խումբի միւս անդամները ներկայացուցած են իրենց առաջարկներն ու տեսակէտները՝ հետագայ համագործակցութեան ծրագիրներու յս-տակեցման վերաբերեալ:

 



comments