Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը կը դատապարտէ <<Նիւ Եորք Թայմզ>>ի մէջ Անգարան պախարակող Թուրքը

By Asbarez | Wednesday, 27 April 2016

0427New-York-Times

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը վերջին քանի մը օրերուն կրակ կը ժայթքէ Ճէյլան Եղինսու անունով թուրք քաղաքացիին դէմ, որ վերջերս <<Նիւ Եորք Թայմզ>> թերթին մէջ պարբերաբար Թուրքիոյ կառավարութիւնը քննադատող յօդուածներ կը հրատարակէ։

Ապրիլ 23ին, ան նոյն թերթին մէջ գրած է, թէ հայ համայնքը ահազանգ հնչեցուցած է ի տես քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցիներու եւ կալուածներու վրայ ձեռք դնելու նոր քաղաքականութեան՝ ակնարկելով յատկապէս Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հարցին։ Ան գրած է նաեւ, որ կառավարութիւնը ապահովական նկատառումներով ձեռք դրած է կարգ մը եկեղեցիներու վրայ, եւ հիմա ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի հայերն ու միւս ոչ-իսլամ տարրերը բոլորովին հեռացնէ արեւելեան Անատոլուէն։
Եղինսու նաեւ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ <<Արմէն>> ճամբարը հայերուն վերադարձնելու կառավարութեան արարքը ներկայացուցած է իբրեւ քուէներ շահելու նպատակով առնուած քայլ մը։

Եղինսու նախապէս նաեւ գրած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛օժանդակէ <<Իսլամական պետութեան>> ահաբեկիչներուն։

 



comments