Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը Հռոմի Պապին Գիւմրի այցելութեան մասին տեղեկութիւն հրապարակեց

By Asbarez | Thursday, 28 April 2016

ԳԻՒՄՐԻ, <<Արմէնփրէս>> - Յունիսի վերջաւորութեան Հռոմի Ֆրանսիս պապին Հայաստան այցելութեան ժամանակացոյցը տակաւին պաշտօնապէս չհրապարակուեցաւ, սակայն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդարանը մանրամասնութիւններ հաղորդած է այս մասին:

Կը նախատեսուի, որ պապը 25 Յունիսին Ս. պատարագ մատուցէ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, ըստ ոչ վերջնական տուեալներու՝ Երեւանէն Գիւմրի պիտի հասնի առաւօտեան ժամը 11:00էն առաջ, իր պապական ինքնաշարժով՝ պապամոպիլով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մօտէն պիտի ուղղուի դէպի Վարդանանց հրապարակ, ուր ինքնաշարժով շրջելով պիտի ողջունէ եւ օրհնէ հաւաքուած հազարաւոր բազմութիւնը: Հաւանական է, որ հրապարակ մուտքը ըլլայ հրաւիրատոմսերով: Վարդանանց հրապարակին վրայ՝ ճիշդ ժամը 11:00ին, յատուկ պատրաստուած բեմին վրայ, պապը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ՝ համապատարագութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու: Պատարագը պիտի մատուցուի լատինական ծէսով, բայց՝ հայկական շարականներով, զորս պիտի կատարեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբերը: Նորին սրբութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ս. Եօթվէրք հայ առաքելական եկեղեցի, պիտի աղօթէ Տիրամօր պատկերին առջեւ: Անոր Գիւմրի այցելութեան վերջին հանգրուանը պիտի ըլլայ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ուր ժողովրդապետին եւ հայ կաթողիկէ կղերականներուն հետ աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած, ապա հրաժեշտ պիտի տայ Գիւմրիին:

<<Այժմ հայ կաթողիկէ համայնքները ակտիւօրէն պատրաստւում են սրբազան քահանայապետի պատմական այցին եւ, հոգեւորականների առաջնորդութեամբ, ինքնակազմակերպւում են՝ առաւելագոյնս մեծ թուով եւ պատշաճ ձեւով մասնակցելու Յունիսի 25ի Ս. պատարագին եւ լսելու նորին սրբութեան հայրական խօսքը: Պապի այցելութեան ժամանակացոյցը պաշտօնապէս դեռ չի հրապարակուել, բայց յստակ է, որ Յունիսի 25ին նորին սրբութիւնը կայցելի Գիւմրի: Սա կը լինի պատմութեան մեծ իրադարձութիւն. կաթողիկէ (Տիեզերական) Եկեղեցու առաջնորդը՝ Ս. Պետրոս առաքեալի յաջորդը, առաջին անգամ կ՛այցելի Հայաստանի երկրորդ քաղաքը>>, կը նշէ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանը: Քահանայապետի Գիւմրի այցելելու վճռական փափաքին գլխաւոր պատճառը այն է, որ հայ կաթողիկէ համայնքը մեծաթիւ ներկայութիւն է Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնց կեդրոնը Գիւմրին է: Հոն կը գտնուի նաեւ նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ մայր տաճարն է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց: Պապին Գիւմրի այցելութիւնը հայրական սիրոյ արտայայտութիւն է ո՛չ միայն իր կաթողիկէ հօտին, այլ նաեւ բոլոր գիւմրեցիներուն նկատմամբ։

 


comments