Օհանեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարին հետ

By Aztag Daily | Thursday, 28 April 2016



Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 27 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող անվտանգութեան հարցերով տարեկան միջազգային համաժողովին ընթացքին հանդիպում ունեցած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցութեան նախարար Հիւսէյն Տեհղանի հետ:

Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ ուժերու շփման գիծին վրայ իրավիճակի սրման առնչութեամբ եւ կարեւոր նկատած են լարուածութեան մեղմացումն ու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման անհրաժեշտութիւնը:

Երկու նախարարները դիտել տուած են, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին արդիւնքները անգամ մը եւս ապացուցեցին արցախեան տագնապի զինուորական լուծման անկարելիութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանական նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան առկայ վիճակին ու հետագայ զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցերուն:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ զինուած ուժերուն շարքերուն մէջ նոր հրաժարականներ պիտի չըլլան:

Նախարարը Մոսկուայէն յայտնած է, որ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներ չէ ունեցած, ո՛չ ալ անոնց հետ բանակցութիւններ ակնկալելի են` <<քանի տակաւին [ազրպէյճանցիները] կը կրակեն>>:

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Օհանեան դիտել տուած է, որ անոնք նախորդին նման գործընկերային են, <<ոչինչ  փոխուած է>>: Այժմ աշխատանք կը տարուի ձեռք բերուած սպառազինութիւնը <<արագօրէն>> Հայաստան հասցնելու ուղղութեամբ:

 

comments