Հայաստան պիտի ուսումնասիրէ Թուրքիայէն ապրանքներու ներածման սահմանափակման հարցը

By Asbarez | Thursday, 28 April 2016



ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ թրքական այն ապրանքներուն առնչութեամբ, որոնք կը սպառնան Հայաստանի ազգային տնտեսութեան՝ թէ՛ որակի, թէ տնտեսութեան զարգացման առումով, որպէսզի սերտէ անոնց ներածումը սահմանափակելու կարելիութիւնը։

Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան՝ պատասխանելով Օրինակ Երկիր խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Դոխոլեանի հարցումին:

<<Հասկանալի է, որ հայ–թուրքական տնտեսական յարաբերութիւններն ուղղակիօրէն ածանցւում են քաղաքական յարաբերութիւններին, ուստի այդ շրջանակներում մենք պէտք է ներկայացնենք միասնական փաթե>>չ, դիտել տուած է Մինասեան: Ան աւելցուցած է, որ Հայաստան Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ է, անոր անդամ է նաեւ Թուրքիան:

<<Սակայն Թուրքիան կատարել է վերապահում, որով չի ճանաչում եւ չի յարաբերուելու Հայաստանի հետ՝ իբրեւ Առեւտրի համաշխարհային կազմակերպութեան անդամ: Դա նշանակում է, որ մենք իրաւունք ունենք այս ուղղութեամբ կիրառելու այն գործիքները, որոնք կը պաշտպանեն մեր տնտեսական կարգը>>, նշած է Մինասեան: Ան աւելցուցած է, որ ԵԱՏՄ շրջանակներուն մէջ Հայաստան ունի գործիքակազմ, որ կարելիութիւն կու տայ որոշ ապրանքներու գծով կատարել անձնական գործողութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են երկրի շուկային պաշտպանութեան համար: <<Սակայն այդ քայլերը պէտք է ճիշդ հաշուարկուեն, որպէսզի պայթիւնավտանգ իրավիճակ չստեղծուի: Այսինքն, մեր տնտեսական անվտանգութիւնը, տն-տեսական զարգացումը եւ սոցիալական բաղադրիչը մենք պէտք է համատեղենք, որպէսզի ունենանք արդիւնաւէտ մեխանիզմ>>, եզրափակած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ վարչապետին յանձնարարականով նախարարութիւնը յառաջիկային պիտի ներկայացնէ նշեալ խնդիրները կարգաւորող մէկ միասնական փաթեթ:

 

comments