By Aztag Daily | Thursday, 28 April 2016

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ 5 ապրիլին հակամարտ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած կրակի դադրեցման մասին բանաւոր պայմանաւորուածութենէն ետք Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած մարտավարութիւնը ակնյայտ կերպով ցոյց կու տայ, որ պաշտօնական Պաքուն մէկ կողմէ իր սադրիչ գործողութիւններով իրավիճակը կը տանի դէպի կանխամտածուած սրացում, իսկ միւս կողմէ կը շտապէ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող զարգացումները ներկայացնել իբրեւ հայկական կողմի նախայարձակ գործողութիւններու հետեւանք:
<<Յատկանշական է, որ հակառակորդը իր այս գործելաոճը կեանքի կոչելու համար կը դիմէ իր զինանոցին մէջ եղած ամէնէն ստոր ու հրէշաւոր միջոցներու կիրարկման: Ըսուածին անհերքելի ապացոյցներէն է առաջնային գիծին մերձակայ բնակավայրերուն մէջ ազրպէյճանական հրետանիի եւ զրահապատ ուժերու համար կրակային յենակէտերու ծաւալման փաստը, ուր հակառակորդը գիշերային ժամերուն, հրետակոծութեան եւ արկակոծութեան կ՛ենթարկէ հայկական դիրքերն ու խաղաղ բնակավայրերը>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Թաքնուելով խաղաղ բնակիչներուն ետին, եւ նոյն քաղաքացիները դարձնելով կենդանի վահան, ազրպէյճանական հրամանատարութիւնը արդէն օրեր շարունակ կը կատարէ իր սեւ գործը:
Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հակառակորդ կողմին խորհուրդ տուած է յարգել իրենց իսկ խնդրանքով կրակի դադրեցման վերաբերեալ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, նաեւ զգուշացուցած է խաղաղ բնակավայրերը կրակային յենակէտերու վերածելէ` զանոնք դարձնելով խոցման թիրախ: <<Հակառակ պարագային հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը>>, նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ