Ատրպէյճանի մէջ եկեղեցին վերածուած է թէյարանի

By Asbarez | Thursday, 28 April 2016

0426Zaqatala

ԵՐԵՒԱՆ - Ատրպէյճանի վրացիներով բնակեցուած Զաքաթալայի շրջանին մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու դէմ ցուցաբերուած բարբարոսական վերաբերմունքը դժգոհութիւն յառաջացուցած է բնակիչներուն մօտ:

<<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ բնակիչները ատրպէյճանական լրատուական կայքերուն ուղարկած են բազմաթիւ լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս շրջանի գործադիր իշխանութեան ղեկավար Մուպարիզ Ահմետզատէ, 5-6րդ դարու քրիստոնէական եկեղեցի մը վերածած է թէյարանի:

Շրջանի բնակիչները կայքին պատմած են, թէ Զաքաթալայի գործադիր իշխանութեան ղեկավար նշանակուելէն ետք՝ Ահմետզատէ ոչ միայն վերցուցած է շրջանի կանաչապատ տարածքները՝ փոխարէնը առեւտրական կեդրոններ կառուցելու համար, այլեւ նոյնիսկ շրջանի պատմական յուշարձանները յանձնած է տարբեր անձերու տնօրինումին եւ սկսած է զանոնք օգտագործելու իբրեւ առեւտրական կեդրոններ:

<<Անոր այդ կամայական եւ յանցագործ վերաբերումին ի տես պայմաններ կը ստեղծեն մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Զաքաթալայի ներկայացուցիչները, որոնք բազմաթիւ անգամներ պարգեւներ ստացած են՝ <<հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ աշխոյժ մասնակցութեան համար>>: Ասոր անունը խայտառակութիւն է։ Այդ մարդոց կատարածը կը համապատասխանէ <<կացինի կոթը մեզմէ>> օրինակին։ Երբ մեր մէջ կան այդպիսիներ, ապա մեզի թշնամի պէտք չէ>>, գրած են բնակիչները:

 


comments