<<Իսլամական Պետութեան>> անդամակցող Թուրքեր եւ Ատրպէյճանցիներ

By Asbarez | Thursday, 28 April 2016

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի <<Ուէսթ Փոյն>>չ կեդրոնը հրատարակեց հետաքրքրական տեղեկագրութիւն մը, որմէ յայտնի կը դառնայ, թէ միայն 2013ին եւ 2014ին, Թուրքիայէն 212 հոգի, իսկ Ատրպէյճանէն 107 հոգի անդամակցած է <<Իսլամական պետութեան>>։ Տեղեկագիրին համաձայն՝ նոյն ժամանակահատուածին աշխարհի տարածքէն մօտաւորապէս 1500 նոր անդամներ միացած են ահաբեկչական այս կազմակերպութեան շարքերուն, մեծ մասամբ՝ Թունուզէն (559 հոգի), Սէուտական Արաբիայէն (479), Մարոքէն (240), Եգիպտոսէն (151) եւ Ռուսիայէն (141)։


comments