By Asbarez | Friday, 29 April 2016
ՊՈԼԻՍ,<<Մարմարա>> - Թուրքիա Զուիցերիայէն պահանջած է, որ Ժընեւի մէջ կազմակերպուած լուսանկարներու մէկ ցուցահանդէսէն վերցուի այն լուսանկարը, որուն կողքին զետեղուած գրութեան մէջ կը քննադատուի նախագահ Էրտողանը։
<<Զաման>> թերթի տեղեկութեանց համաձայն՝ հայկական ծագում ունեցող լուսանկարիչ Տեմիր Սէօնմեզ, ՄԱԿի գրասենեակին դիմաց կազմակերպած է լուսանկարներու սոյն ցուցահանդէսը։ Սէօնմեզ 2005ին հրաժարած է իր թրքական քաղաքացիութենէն։
Ցուցահանդէսին մէջ տեղ տրուած է պաստառի մը, ուր նկարուած է 2013ին Պոլսոյ <<Կեզի>> հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած հակակառավարական ցոյցերուն ընթացքին սպաննուած պատանի Պերքին Էլվանը։ Նկարին կողքին գրուած գրութեան մէջ, Էլվանի սպանութեան պատասխանատու կը նկատուի Թուրքիոյ այդ օրերու վարչապետ Էրտողանը։
Սէօնմեզ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա, այս կերպով՝ <<կը կրակէ ի՛ր իսկ ոտքին>>, աւելցնելով, որ իր երկրին մէջ իբրեւ սուլթան վարուող Էրտողանէն նման պահանջ մը զարմանալի չէ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ