Հայաստան Փերինչեքի հարցով պարտութիւն չկրեց ԵՄԻԱի մէջ. Ա. Քլունի

By Asbarez | Friday, 29 April 2016

0429amalcloony

ԼՈՆՏՈՆ - Փաստաբան Ամալ Քլունի, որ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի գործով Հայաստանի շահերը պաշտպանած էր Եւրոպայի մարդկային իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) մէջ, հարցազրոյց մը տալով <<Պի.Պի.Սի.>>ին՝ յայտարարած է, թէ Հայաստան պարտութիւն չէ կրած այդ դատին մէջ։

<<Կարեւոր է հասկնալ, թէ ի՛նչ էր հարցը եւ ո՛րն էր մեր առաքելութիւնը։ Իրականութեան մէջ, Հայաստան պարտութիւն չէ կրած։ Գործը դատարան հասած էր թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի դիմումին համաձայն։ Ան կը բողոքէր Զուիցերիոյ դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն պատճառով զինք դատապարտելու համար>>, ըսաւ Ամալ Քլունի։

Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի պահանջը ԵՄԻԱէն ներս կապուած չէր Փերինչեքի դատապարտութեան անհրաժեշտութեան հետ։ <<Մեր պահանջն այն էր, որ գործի քննութեան ընթացքին, դատարանին կողմէ հնչած որոշումներուն մէջ չըլլան այնպիսի ձեւակերպումներ, որոնք կ՛ենթադրեն Ցեղասպանութեան ուրացումը։ Ո՛չ Հայաստան, ո՛չ ալ ես՝ որպէս Հայաստանի ներկայացուցիչ, դէմ ենք խօսքի ազատութեան։ Մենք պարզապէս կ՛ուզէինք, որ դատարանը պատշաճ ձեւակերպումներ սահմանէ Ցեղասպանութեան գործին հետ կապուած>>, մեկնաբանեց Ամալ Քլունի։

 


comments

Advertisement