By Asbarez | Saturday, 30 April 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Ապրիլ 28ին, Թուրքիոյ խորհրդարանի Սահմանադրական յանձնախումբին ժողովը վերածուեցաւ ծեծկռտուքի հարթակի, երբ իշխող եւ քրտամէտ կուսակցութեանց երեսփոխաններ յարձակեցան մէկզմէկու վրայ եւ բռունցքներով փորձեցին ցոյց տալ իրենց ուժերը։ Ժողովը գումարուած էր, որպէսզի քննարկութեան դրուէր իշխանամէտ 316 երեսփոխաններու ստորագրութիւնը կրող օրէնքի այն նախագիծը, որուն հաստատումով՝ ճամբայ պիտի բացուէր խորհրդարանին մէջ Սահմանադրական փոփոխութիւններու։
Ժողովին առաջին իսկ վայրկեաններէն պայթուցիկ կացութիւն ստեղծուեցաւ, որովհետեւ յանձնախումբի անդամներէն բացի, այլ երեսփոխաններ եւս կը մասնակցէին նախագիծի քուէարկութեան։ Տրուած ըլլալով, որ մասնակցող երեսփոխաններուն թիւը շատ բարձր էր, շատեր ոտքի մնացած էին կամ նստած էին լրագրողներու համար նախատեսուած աթոռներու վրայ։ Այս կացութեան դիմաց, քրտամէտ կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտեր առաջարկեց աւելի մեծ սրահ անցնիլ, բայց յանձնախումբի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ ըսաւ, որ ասիկա խորհրդարանի ամէնէն մեծ ժողովասրահն է, որմէ ետք հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան առաջարկեց ընդհանուր նիստերու դահլիճը անցնիլ, բայց այդ առաջարկն ալ մերժուեցաւ։ Այս լարուած վիճակին մէջ, քիւրտ երեսփոխան Միթհատ Սանճար իր կարգին շեշտեց, որ իշխող կուսակցութեան առաջարկները ներհակ են Սահմանադրութեան, եւ պահանջեց ետ ուղարկել նախագիծերը։
Այս պահանջէն եւ անոր յաջորդած տարբեր արտայայտութիւններէ ետք կացութիւնը առաւել եւս թէժացաւ, ուստի իշխանամէտ ու քրտամէտ երեսփոխաններ յարձակեցան իրարու վրայ։ Անոնք առանց զիրար խնայելու հարուածներ հասցուցին իրարու, ելան սեղաններու վրայ, մինչ քանի մը հոգի գրպանի հեռաձայններ գործածելով՝ <<կ՛անմահացնէին>> այդ վայրկեանները…
Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան կը փորձէր միջամտել ու հանդարտեցնել երեսփոխանները, սակայն ա՛ն եւս բաժին ստացաւ այդ հարուածներէն։ Բռնցքամարտին հետեւանքով, շարք մը երեսփոխաններ վիրաւորուեցան ու հիւանդանոց տարուեցան դարմանուելու։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ