By Asbarez | Saturday, 30 April 2016
ԵՐԵՒԱՆ.- <<Առայժմ Թուրքիոյ հայ համայնքը իր դէմ շօշափելի գործողութիւններ չի տեսներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ>>, <<168.am>>ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Պոլսոյ <<Ակօս>> թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Հայաստանին ու Թուրքիոյ հայ համայնքին ուղղուած նորագոյն սպառնալիքներուն:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան ըսած էր. <<Հայաստան կրակի հետ կը խաղայ: Աւելի քան 100 հազար հայ կ՛ապրի Թուրքիոյ մէջ, եւ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ բնակութեան արտօնութիւն չունին: Թուրքիա հանդուրժած է այս իրավիճակը եւ ցոյց տուած է, թէ որքա՛ն բարեկամական մօտեցում ունի: Մենք ծագումով հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վերադարձուցած ենք անոնց հիմնարկներուն պատկանած գոյքը>>։
Բագրատ Էսդուգեան յայտնած է, որ հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանին ու Ղարաբաղին ուղղուած թշնամական յայտարարութիւններուն, Թուրքիոյ հայ համայնքը ինքզինք առայժմս վտանգուած չի զգար, քանի որ վերջին տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ուղիղ սպառնալիք չէ եղած անոնց հասցէին: Անոր խօսքով՝ միջադէպեր, անախորժ իրադարձութիւններ եղած են, բայց անոնք լայնածաւալ բնոյթ չեն կրած:
Սակայն, ըստ Էսդուգեանին, հայ համայնքին նկատմամբ լարուածութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը սրի՝ Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն հետեւանքով, հետեւաբար՝ հայ համայնքին համար այս հարցը կը սկսի մտահոգիչ դառնալու, ու երբ հրապարակային նման յիշատակումներ կը կատարուին, ապա անոնք ահազանգ պէտք է համարել: <<Այս պահուն, որեւէ շօշափելի զարգացում՝ հայ համայնքին դէմ չկայ, բայց պէտք է զգուշանալ՝ հաշուի առնելով իշխանութիւններուն քաղաքական արատաւոր աւանդոյթները>>, ըսած է Էսդուգեան:
Վերջինիս համոզումով՝ այս յայտարարութիւնները պէտք չէ շրջանցուին միջազգային հանրութեան կողմէ, քանի որ անոնք հրապարակային սպառնալիքներ են: <<Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ միակ լծակը միջազգային ճնշումները կրնան ըլլալ։ Բայց, ինչպէս կը տեսնենք, նման արձագանգներ չկան, ինչ որ մտահոգիչ է, քանի որ Արեւմուտքը որոշ հարցերով կը համագործակցի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ նոյնիսկ կախուած է անոնցմէ: Ուստի, հայ համայնքը պէտք է յոյսը իրեն վրայ դնէ եւ զգուշանայ>>, եզրակացուցած է Բագրատ Էսդուգեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ