Պաքուն <<դուրս չէ եկած բանակցութիւններէն>>

By Asbarez | Saturday, 30 April 2016

0430mamedyarov

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օտար ու տեղացի լրագրողներու համար այցելութիւն կազմակերպած է ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիի ատրպէյճանական շրջաններ: Այս մասին կը գրէ Հրաչ Մելքումեան։

Մօտաւորապէս 45 լրագրողներէ կազմուած խումբը 29 Ապրիլին հասած է Պարտայի շրջան՝ ընկերակցութեամբ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան պետին։ Հոն անոնք այցելած են հիւանդանոց, ուր կը գտնուին ռմբակոծումէն վիրաւորուած մարդիկ: Ապա մեկնած են Աղդամի եւ Աղջաբեդիի շրջաններ, ուր անոնց ցոյց տրուած է հայկական ռմբակոծումներէն վնասուած բնակավայրերը, վնասած ու այրած տուները: Հարցազրոյցներ կատարուած են Չեմենլի, Գարադաղլի գիւղերու բնակիչներուն հետ:

Խումբին մաս կը կազմէին <<Պի.Պի. Սի.>>ի, <<Ռոյթըրզ>>ի, <<Պլումպըրկ>>ի, թրքական <<Անատոլու>>ի, ռուսական ու իսրայէլական լրատուամիջոցներու թղթակիցներ, ինչպէս նաեւ Մոլտավիոյ նախկին իրաւապաշտպան Աուրելիա Կրիկորիուն, որ նշանաւոր է իր ատրպէյճանամէտ յայտարարութիւններով:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 29 Ապրիլին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած էր, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները կ՛առաջարկեն հանդիպում կայացնել Պրիւքսէլի մէջ։ Ատրպէյճանական <<Ռիփոր>>չ կայքին համաձայն՝ Մամետեարով ըսած է. <<Ատրպէյճան մնայուն կապի մէջ է համանախագահներուն հետ, անոնք առաջարկած են Մայիսի կէսերուն հանդիպում կայացնել, ամենայն հաւանականութեամբ՝ Պրիւքսէլի մէջ, որեւէ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ>>։

Մամետեարով յայտարարած է, որ Ատրպէյճան դուրս չէ եկած բանակցութեան գործընթացէն՝ յայտարարելով. <<Տարածաշրջանի մեծագոյն սպառնալիքը հայկական զօրքերու առկայութիւնն է Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ>>:

Նոյն օրը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ նախորդ օր հայկական կողմը զինադադարը խախտած է 116 անգամ, կրակելով նաեւ մեծ տրամաչափի զէնքերէ: Ըստ հաղորդագրութեան՝ Ատրպէյճանի վրայ կրակ բացուած է նաեւ Հայաստանի տարածքէն: Ըստ անոր՝ ատրպէյճանական զինուժը հայկական դիրքերուն վրայ 122 անգամ <<պատասխան>> կրակ բացած է։

29 Ապրիլին Ատրպէյճանի խոր-հրդարանի նիստին խորհրդարանի նախագահ Օքթա Ասատովը ըսած է, որ՝ <<հայերը իրենց գլուխը կորսնցուցած են, չեն գիտեր ինչ կը խօսին>>։ Ան կոչ ուղղած է պատգամաւորներուն, յատկապէս միջխորհրդարանական կապերու խումբերուն՝ նամակներ գրել արտասահմանցի գործընկերներուն եւ՝ <<ներկայացնել իրականութիւնը>>, քանի որ, անոր համաձայն, դուրսը շատեր նոյնիսկ Ատրպէյճանի տեղը չեն գիտեր։

 

 

 



comments